Գործք 7:33-39 WA53

33 Տէրը ըսաւ անոր. “Հանէ՛ ոտքերուդ կօշիկները, որովհետեւ սուրբ երկիր է այն տեղը՝ ուր կայնած ես:

34 Ի՛րապէս տեսայ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը, լսեցի անոնց հառաչանքը, եւ իջայ զանոնք ազատելու. ու հիմա եկո՛ւր, քեզ ղրկեմ Եգիպտոս”:

35 «Այս Մովսէսը, որ ուրացան՝ ըսելով. “Ո՞վ պետ եւ իրաւարար նշանակեց քեզ”, զա՛յն ղրկեց Աստուած իբր պետ եւ ազատարար՝ այն հրեշտակին ձեռքով, որ երեւցաւ անոր մորենիին մէջ:

36 Անիկա՛ դուրս հանեց զանոնք, սքանչելիքներ ու նշաններ ցոյց տալով Եգիպտոսի երկրին եւ Կարմիր ծովուն, ու քառասուն տարի՝ անապատին մէջ:

37 Այս Մովսէսն է որ ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն. “Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ձեր եղբայրներէն պիտի հանէ ձեզի մարգարէ մը՝ ինծի նման. մտի՛կ ըրէք անոր”:

38 Ասիկա ա՛ն է որ համախմբումին մէջ էր՝ անապատը, Սինա լերան վրայ իրեն խօսող հրեշտակին եւ մեր հայրերուն հետ: Ան կենարար պատգամներ ընդունեց՝ մեզի տալու.

39 բայց մեր հայրերը չուզեցին անոր հնազանդիլ, հապա զայն վանեցին իրենցմէ ու Եգիպտոս դարձան իրենց սիրտին մէջ՝