42 Աստուած ալ երես դարձուց ու մատնեց զանոնք պաշտելու երկինքի աստղերը, ինչպէս գրուած է Մարգարէներու գիրքին մէջ. “Միթէ ինծի՞ մատուցանեցիք մորթուած անասուններ եւ զոհեր՝ քառասուն տարի անապատին մէջ, ո՛վ Իսրայէլի տունը:
43 Հապա կրեցիք Մողոքի վրանը ու ձեր Հռեմփա աստուծոյն աստղը, ձեր կերտած պատկերները՝ անոնց երկրպագելու համար: Ես ալ պիտի տարագրեմ ձեզ Բաբելոնի միւս կողմը”:
44 «Անապատին մէջ՝ մեր հայրերը ունէին վկայութեան խորանը, ինչպէս Մովսէսի հետ խօսողը պատուիրած էր որ շինէ զայն՝ տեսած տիպարին պէս:
45 Անոնց յաջորդող մեր հայրերն ալ՝ զայն ստանալով՝ Յեսուի հետ մտցուցին կալուածը այն հեթանոսներուն, որ Աստուած վանեց մեր հայրերուն առջեւէն: Հոն մնաց մինչեւ Դաւիթի օրերը,
46 որ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտաւ եւ ուզեց բնակարան մը կառուցանել Յակոբի Աստուծոյն.
47 բայց Սողոմո՛ն տուն մը կառուցանեց անոր:
48 Սակայն Ամենաբարձրը չի բնակիր ձեռակերտ տաճարներու մէջ, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ.