44 «Անապատին մէջ՝ մեր հայրերը ունէին վկայութեան խորանը, ինչպէս Մովսէսի հետ խօսողը պատուիրած էր որ շինէ զայն՝ տեսած տիպարին պէս:
45 Անոնց յաջորդող մեր հայրերն ալ՝ զայն ստանալով՝ Յեսուի հետ մտցուցին կալուածը այն հեթանոսներուն, որ Աստուած վանեց մեր հայրերուն առջեւէն: Հոն մնաց մինչեւ Դաւիթի օրերը,
46 որ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտաւ եւ ուզեց բնակարան մը կառուցանել Յակոբի Աստուծոյն.
47 բայց Սողոմո՛ն տուն մը կառուցանեց անոր:
48 Սակայն Ամենաբարձրը չի բնակիր ձեռակերտ տաճարներու մէջ, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ.
49 “Երկինքը իմ գահս է, ու երկիրը իմ ոտքերուս պատուանդանն է. ինչպիսի՞ տուն պիտի կառուցանէք ինծի,- կ՚ըսէ Տէրը,- կամ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ իմ հանգստավայրիս տեղը.
50 միթէ իմ ձեռքս չէ՞ շիներ այս բոլորը”: