5 Ո՛չ մէկ ժառանգութիւն տուաւ անոր այս երկրին մէջ, ո՛չ իսկ ոտքի քայլի մը չափ տեղ. բայց խոստացաւ ասիկա իբր կալուած տալ իրեն, եւ իրմէ ետք՝ իր զարմին, երբ դեռ ինք զաւակ չունէր:
6 Աստուած սա՛պէս խօսեցաւ. “Անոր զարմը պանդուխտ պիտի ըլլայ օտար երկրի մը մէջ, ու զայն ստրուկ պիտի ընեն եւ չարչարեն չորս հարիւր տարի:
7 Բայց ե՛ս պիտի դատեմ այն ազգը՝ որուն ստրուկ պիտի ըլլան,- ըսաւ Աստուած,- եւ անկէ ետք պիտի ելլեն ու այս տեղին մէջ պիտի պաշտեն զիս”:
8 Անոր տուաւ թլփատութեան ուխտը, եւ յետոյ Աբրահամ ծնաւ Իսահակը, ու թլփատեց զայն ութերորդ օրը: Իսահակ ծնաւ Յակոբը, Յակոբ ալ՝ տասներկու նահապետները:
9 «Նահապետները՝ նախանձելով Յովսէփի՝ ծախեցին զայն Եգիպտոս տարուելու համար. բայց Աստուած անոր հետ էր,
10 ու ազատեց զայն իր բոլոր տառապանքներէն: Շնորհք եւ իմաստութիւն տուաւ անոր Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ. ան ալ կառավարիչ նշանակեց զայն Եգիպտոսի ու իր ամբողջ տան վրայ:
11 Երբ Եգիպտոսի եւ Քանանի ամբողջ երկրին մէջ սով եղաւ, ու մեծ տառապանք, մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ: